2017-03-07 08:55:00

Միլանոյի բանտին կալանուածներուն նամակները յղուած Պապին` ''Եղբայր մը կը սպասենք''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անկեղծ ըլլալու համար ես այդքան ալ  հաւատացեալ չեմ'' կը գրէ բանտարկեալ Իվան` Ֆրանչիսկոս Պապին յղած իր նամակին մէջ, որ այլ բանտարկեալներու նամակներու հետ միասին, լոյս տեսաւ այսօր, որուն մէջ ան Քահանայապետէն կը խնդրէ յատուկ աղօթք մը նուիրել իր ընտանիքին համար, որպէսզի  իր այս բանտարկութիւնը ''իմաստ մը, անդորրութիւն ու խաղաղութիւն ունենայ''։ Մասսիմօ անունով այլ բանտարկեալ մը եւս կը յայտնէ թէ ինք հաւատացեալ չէ սակայն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը սպասէ ''որպէս եղբայր մը'', ապա նամակին մէջ կը խոստովանի թէ ինք մեղաւոր է որովհետեւ ''գողցայ մօրս հանգստութիւնը ու սպանեցի հօրս վստահութիւնը''։

Ալ­ֆրէտ անունով այլ բանտարկեալ մը Քահանայապետէն հրաշք մը կը հայցէ­, որպէսզի իր գործած բոլոր սխալներն ու չարիքները ներում ընդունին, ու Ինք կարենայ իսկապէս իր բոլոր կեանքը վերստին ապրիլ, առանց այդ սխալ ու անմիտ արարքները կատարելու։

Հուսկ Մուսթաֆա անունով այլ բանտարկեալ մը ինքզինք ընկալուած կը զգայ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէն որ, կը գրէ ան, աղօթքի մէջ զանազանութիւն չի դներ ոչ սեռի, ոչ ցեղի եւ ոչ ալ կրօնի պատկանելիութեան միջեւ։ Ան հուսկ Սրբազան Քահանայապետէն կը խնդրէ որ շարունակէ փոխանցել այն հաւատքը որ կարող է օգնել նաեւ բանտարկեալներուն իրենց ''կործանարար հակումներէն դուրս գալու''։

Նամակներ, լի ցաւի ու տառապանքի զգացումներով, մէկը միւսէն տարբեր, բոլորը ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին­­, որ յառաջիկայ 25 Մարտին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Միլանօ ու այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում պիտի ունենայ Միանլոյի Սան Վիթթորէ բանտի բանտարկեալներուն հետ հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ այդ բանտը, ուր պիտի մնայ գրեթէ երկու ժամ­ ու կէսօրուայ ճաշը պիտի բաժնեկցի բանտարկեալներուն հետ. 








All the contents on this site are copyrighted ©.